24 Մայիսի, 2019

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՍԿՆԱՆՔ ՄԵՐ ՊԱՏԱՐԱԳԸ»

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայեց հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի 2003 թուականին կարճ դասախօսութեան տիպի տակ գրուած՝ «Հասկնանք Մեր Պատարագը»։ Գրքոյկին խմբագիրն է յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

 

126 էջերով փոքրածաւալ գրքոյկը բաղկացած է երեք բաժիններէ։ Առաջին բաժինին մէջ Սրբազանը հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ Ս. Պատարագին կազմաւորման հոլովոյթը՝ Քրիստոսի կողմէն հաստատուած խորհուրդէն մինչեւ Հայ եկեղեցւոյ Պատարագի մշակումը։ Երկրորդ եւ հիմնական բաժինին մէջ Սրբազանը հակիրճ սակայն ամբողջական կերպով կը խօսի Պատարագի կառոյցին մասին, որ իր մէջ կը պարունակէ չորս հիմնական բաժին՝ պատրաստութիւն, Ճաշու ժամ կամ Երախայից պատարագ, Բուն պատարագ կամ Հաւատացելոց պատարագ եւ վերջապէս Գոհաբանութիւն եւ Արձակում՝ իւրաքանչիւրը ունենալով իր ենթաբաժանումները։

 

Սոյն գրքոյկը դիւրամատչելի է բոլորին՝ իր պարզունակ եւ հարազատ ոճով։

 

More News