Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ֆրանսերէն գիրքը «L’Église Armenienne» (Հայ Եկեղեցին)։ Սոյն հատորը Վեհափառ Հայրապետը գրած է անգլերէն լեզուով, ապա թարգմանուած է ֆրանսերէնի։ Նոյն գիրքը նաեւ կը թարգմանուի արաբերէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի, յունարէնի, ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը, նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական երեսներ։