24 October, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը

Հինգշաբթի 24 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու Համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած ութ անձերէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի Մշակութային Նախարարութեան վարչութեան պետը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի եւ գրատան Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի տարածման գծով Հայաստանի հրատարակչատուներուն կատարած աշխատանքը: Ան ըսաւ. «Ներկայ ժամանակներու մարդը գիրքէն, այլ խօսքով՝ ոգեղէն արժէքներէն հեռացնող համաշխարհայնացումի մշակոյթին դիմաց անհրաժեշտ է կրկնակի աշխատանք տանիլ՝ հայ գիրքը ներկայութիւն դարձնելու մեր կեանքէն ներս: Սա նուիրական առաքելութիւն մըն է, որուն պէտք է լծուինք բոլորս, ներառեալ մեր եկեղեցին»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրապնդման հրամայականին. «պատահական, ձեւական ու ժամանակաւոր նախաձեռնութիւններէն անդին անհրաժեշտ է մեր կեանքէն ներս հետք ձգող, անոր նոր որակ ապահովող նախաձեռնութիւններու դիմել, մէկ ազգի ու մէկ մշակոյթի պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

More News