ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ՀՈԳԵՄԱՏԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 23-րդ հրատարակութիւնը՝ «Հոգեմատեան. բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր» խորագրեալ։ Գործին հեղինակն է Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, իսկ խմբագիրը՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։

 

Հատորին առաջին մասին մէջ կը գտնենք 25 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը բացայայտեն Սրբազան Հօր մտածումներուն մարգարիտները։ Երկրորդ մասին մէջ ունինք 17 հոգեւոր խորհրդածութիւններ, որոնք կ՚արտացոլացնեն Սրբազանին հոգիին վառ ապրումները։ Երրորդ մասին մէջ կը կարդանք վարքին ու բարքին մասին մեր եկեղեցւոյ որոշ սուրբերուն, որոնք կը կազմեն փառքը Հայ Եկեղեցւոյ։ Չորրորդ եւ Հինգերորդ մասերը առնչուած են Նոր Ջուղայի տպարանին հիմնադրութեան, գործին ու վախճանին հետ։ Իսկ վերջին մասը կը ներկայացնէ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ Վանքին վերաբերեալ պատմական համառօտ ակնարկ մը։