ԳՄԳՄ-Ի ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ «ALLÉGORIA»-Ն

2017-ի տարեվերջին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս ընծայուեցաւ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի 92-րդ հատորը՝ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարագիր Արա Արծրունիի «Allegoria»-ն, խմբագրութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի։

 

Հեղինակը իր երկը բնորոշած է երեւակայածին վէպ, որուն մէջ ընթերցողը պիտի հանդիպի «սովորական ոճերէն տարբեր եղող» իր մօտեցումներուն ու մտահոգութիւններուն։

 

Արա Արծրունիին գրական այս վերջին ստեղծագործութեան մէջ, հակառակ երեւակայածին վէպ բնութագրումին, կարելի է հանդիպիլ ընդհանուր մարդկութիւնը (ո՛չ անպայման հայկականը) յուզող հոգեվիճակներու, անարդարութեան դէմ ընդվզումներու, հասարակ մարդուն դէմ ցցելով իսկական արժէքներով թրծուած մարդը՝ գերմարդու տիպարով յատկանշուող, սակայն խուսափելով գերմարդը ֆեթիշացնելու փորձութենէն։

 

Արա Արծրունին թատերական իր վերջին ստեղծագործութիւններով եւ մանաւանդ այս երեւակայածին վէպով, կը հանդիսանայ անհեթեթի եւ այլաբանական գրականութեան ներկայացուցիչը հայ գրականութեան մէջ։