ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Ա. ՀԱՏՈՐ)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մայիս ամսուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Ա. Հատորը:

Իր տեսակին մէջ եզակի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» տասը հատորներու վրայ փռուած երկը, սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած են մեր ժողովուրդի հարիւր տարիներու միտքը, խռովքը, տագնապը, կիրքը, ստեղծագործ ոգին, ապրուած եւ ազգային կաղապար ստացած քանի մը տասնեակ անուն հաշուող մեր գրագէտներուն կողմէ: Օշական, պաշտպանը այդ ժառանգին, ինքն իր կարգին, իր հոգիի բազմաթել յոյզերով կը հիւսէ փառքը իր ժողովուրդին, հայ հոգիին: «Իմ փառասիրութիւնը գիւտն է իմ ժողովուրդին, հայ հոգիին», կը գրէ ան իր այս ընդարձակ երկի առաջին տողերուն մէջ:

            Համապատկերը 52 յաջորդական վիպակներու շարան մըն է, որոնց մէջ անխտիր գլխաւոր հերոսը հայ ժողովուրդն է:

            Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի այս 80-րդ հատորը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան՝ Վարուժան Արք. Եպս. Հերկելեանի խմբագրական ժրաջան աշխատանքին արգասիքն է: