Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի թիւ 13-րդ հրատարակութիւնը՝ պատմաբան Գուրգէն Վարդանեանի «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» մենագրութիւնը՝ խմբագրութեամբ Շահան Գանտահարեանի։
Գործը լոյս կ՚ընծայուի Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրեամեակի առիթով եւ կը բովանդակէ առաջին Հանրապետութեան ժամանակահատուածին ընթացքին կազմաւորուած կրթամշակութային կեանքին մասին արխիւային նիւթեր, որոնք հիմնուած են օրուան մամուլին եւ պետական արխիւներու վրայ։ Այս յատկութիւնը մենագրութիւնը կը դնէ գիտական հիմքի վրայ՝ ընթերցողին առջեւ բանալով կրթամշակութային ոլորտներու ուղղութիւններով իրերայաջորդ կառավարութիւններու կողմէն կիրակուած պետական քաղաքականութեան ծալքերը։
266 էջերու մէջ ամփոփուած հատորը բաղկացած է երկու հիմնական գլուխներէ՝ կրթական համակարգ եւ մշակութային կեանք։ Առաջին գլխուն տակ կը գտնենք դպրոցական համակարգի կազմակերպման մասին նիւթեր՝ հանրակրթական դպրոցի վերակառուցում, մանկավարժական անձնակազմ, բարձրագոյն եւ միջնակարգ մասնագիտական կրթութեան կազմակերպում, Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադրութիւն եւ միջնակարգ մասնագիտական կրթութիւն։ Իսկ երկրորդ գլխուն տակ կը գտնենք նիւթեր մշակութային կեանքին մասին՝ ինչպէս գրադարանային գործի, պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանման, պարբերական մամուլի, գրականութեան եւ արուեստի վերաբերեալ նիւթեր։
Հատորը կ՚ընդգրկէ նաեւ անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկ։