ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ՀՈԳԵՄԱՏԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 23-րդ հրատարակութիւնը՝ «Հոգեմատեան. բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր» խորագրեալ։ Գործին հեղինակն է Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, իսկ խմբագիրը՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Հատորին առաջին մասին մէջ կը գտնենք 25 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը բացայայտեն Սրբազան Հօր մտածումներուն մարգարիտները։…