Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի մեկենասութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ընդդէմ Եհովայի Վկաներուն» հատորը մեր Ս. Աթոռին միաբաններէն հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի աշխատութեամբ։
422 էջնոց գործը կը սկսի յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի յառաջաբանով, ուր կը ներկայացնէ գիրքին կենսական կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ առանց Աստուածաշունչին յայտնած վարդապետական ճշմարտութիւններուն, Աստուած կատարեալ անծանօթ կը մնայ, եւ հետեւաբար հարկ է ճշմարտութիւնները ճանչնալ, իւրացնել եւ անոնցմով ապրիլ։
Հոգելոյս Սրբազանը կը ներկայացնէ «Եհովայի վկաներ» եզրը, աղանդին ծագման հոլովոյթն ու աշխատելադաշտը, քարոզարշաւի մեթոտաբանութիւնը՝ վաղ ժամանակներէն մինչեւ վերջին շրջան։ Ասոր յաջորդող բաժինները՝ «Եհովայի՞ Վկաներ, Թէ Ստութեան Վկաներ», «Ամենասուրբ Երրորդութիւն. Պատասխան Եհովայի Վկաներու», «Եհովայի Վկաներու Այլափոխուած Աստուածաշունչը», «Ճշմարտութիւնը Եհովայի Վկաներու Մասին», կը սկսին ներածականով եւ կը շարունակուին ենթախորագիրներու բաժնուած մանրամասն նկարագրութիւններով եւ վերլուծումներով՝ հիմնուած Սրբազանին ուսումնասիրութիւններուն եւ հարուստ աղբիւրներու վրայ, որոնք ցանկագրուած են հատորին աւարտին։
Յիշեալ գիրքէն ունենալու համար կրնաք այցելել Անթիլիասի Մայրավանքի գրատունը։ Ան նաեւ ունի իր կայքէջը՝ www.ciliciabookstore.com, ուրկէ կրնաք ձեր ապսպրանքները կատարել։
Լիայոյս ենք, որ «գիրքը ձեռք ձգողները զայն գրադարանին մէջ փոշի հաւաքելու դատապարտուած դարակներուն մէջ չլքեն՝ այլ հոն ներկայացուած երկնային ճշմարտութիւնները նախանձախնդրութեամբ իւրացնեն»։
Բարի ընթերցում։