«ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԱՆԱՅԻ» ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱԴԷՍԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 12 Յունուար 2023-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն՝ Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսած «Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» հատորին շնորհահանդէսը։ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, շնորհահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը՝ տնօրէն «Կիլիկիա» Մատենադարանի, Ձեռագիրներու եւ Հնատիպերու բաժանմունքներու։   Այս հատորի խմբագիրն…