ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քարիֆորնիոյ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբի (ՍԱՐՖ) ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Առաջին հերթին ՍԱՐՖ-ի ատենապետը լայն կերպով զեկուցեց մարմինի կատարած աշխատանքներուն ու յատկապէս յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, շեշտելով իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը՝ շարունակելու…