Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» Գրական մրցանակի թիւ 94-րդ հրատարակութիւնը՝ Վարանդի «Զինադրօշ» բանաստեղծական գործը, խմբագրութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի։
Հատորը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին եւ կը բաղկանայ շուրջ վաթսուն բանաստեղծական յօրինումներէ՝ տեղադրուած «Պատմութեան հետքերով», «Կարօտանք», «Դիւցազունք» եւ «Գոյատեւում» ենթախորագիրներու տակ։