Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանեան պետական պատուիրակութիւն մը
Երէկ առաւօտ Իրանի պետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին, նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութեան ու յատկապէս Իրանի հայութեան հետ աղերս ունեցող կարգ մր հարցերու քննարկումը: Պատուիրակութիւնը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան, արաբական աշխարհէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն նկատմամբ…