ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

Շուրջ 600 էջերու վրայ տարածուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այս վերջին հատորը կը ներառէ վերջին ութ տարիներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի պատգամներէն, խօսքերէն ու հարցազրոյցներէն քաղուածքներ՝ հոգեւոր, բարոյական, ազգային, միջ-եկեղեցական ու պահանջատիրական խնդիրներ քննարկող։ Ստորեւ յիշեալ հատորի յառաջաբանէն բաժիններ։

 

 

Մարդու օրերը խոտի նման կը ծաղկին ու կը մեռնին, ինչպէս կը յիշեցնէ Սաղմոսերգուն (103.15), երբ անոնք չեն շաղախուած արժէք­ներով եւ չեն հունաւորուած հաւատքով ու տեսլա­կանով։ Այս­պէ´ս է նաեւ պատմութիւնը ազգերու։

 

Պատմութիւնը պէտք է կերտե´լ՝ մերժելով դառնալ գերին անոր պարտադրած գոյավիճակներուն։ Պատմու­թիւնը պէտք է կեր­տե´լ՝ կառչելով այնպիսի արժէքներու ու իտէալներու, որոնք կը կազմեն ազգի մը ինքնութիւնը ու կ՚ամրացնեն անոր գոյու­թիւնը։ Պատմու­թիւնը պէտք է կեր­տե´լ՝ զարգացնելով ազգի մը ստեղ­ծա­գոր­ծական ոգին եւ ամրա­պնդելով անոր ներքին միու­թիւնը։ Պատմութիւնը պէտք է կերտե´լ՝ ճի´շդ կար­­դալով ժամա­նակի նշանները (Ղկ 12.54-56) եւ քաջօրէն դիմագրաւելով մար­տա­հրա­ւէրներն ու տագ­նապ­ները։ 

 

Այն ազգերը, որոնք պատ­մութիւնը կերտած են՝ ի խնդիր սրբազան արժէքներու յա­ւեր­ժացման ու վեհ նպա­տակներու իրա­գործման, ի պահանջել հարկին «իմացեալ մահ»ով, գո­յատե­ւած են պատմու­թեան փոթորիկներուն մէջ։ Այսպէ´ս եղած է մեր ազգին դարաւոր պատմութիւնը։ Հայ կեանքի երկնակամարին վրայ երեւցող նշանները ցոյց կու տան, թէ մեր ազգը կը գտնուի պատմութեան նոր խաչմե­րուկի մը դիմաց։ Ներկայ ժամանակ­ները յղի են թէ´ նոր անորոշութիւններով եւ թէ նոր կարելիու­թիւն­­ներով, որոնք կը պահանջեն պատաս­խանատու վերաբերում ու խոհեմ մօ­տե­­ցում։ Եթէ չկարենանք մեր ազգին պար­զած ներ­կայ համայնապատկերը համա­պարփակ ու իրա­պաշտ մօտե­ցու­մով արժեւորել ու մեզ շրջապատող տագ­նապ­ներու յաղթա­հար­ման առաջնորդող միջոցներու դիմել, մեր «փոքր ածուն» կրնայ ինքզինք գտնել աննախատեսելի իրավի­ճակներու մէջ։

 

Հայաստանի վերանկախացումէն շուրջ քառորդ դար յետոյ, հա­կառակ ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ կա­տար­ուած որոշ դրա­կան զարգացումներուն, Արցախի հարցը, տնտեսութեան վատա­ռողջ վի­ճա­կը եւ արտա­գաղթը, կը շարունակեն մնալ հայրենիքին ու ազգին մարմնին վրայ կոտ­տացող վէրքեր։ Անց­եալի սխալները չկրկնելու եւ Հայաս­տանը դէպի պայծառ ապա­գայ առաջնորդելու խոստու­մով ճամբայ ելած «թաւշեայ յեղափո­խու­­թեան» ստեղ­ծած յու­սալից մթնոլոր­տը, սպասելի է որ նպաս­տէ նշեալ տագ­նապ­ներուն բարելաւման։ Միւս կողմէն, հաւասա­րակշռուած ու ճ­կուն քաղաքա-տնտեսական յարաբերութիւն Հա­յաստանի հիւ­սի­­սային հարեւանին եւ ընդհան­րապէս արեւ­մուտ­քին հետ, ինչ­պէս նաեւ Հայաստանի ազգ-պետութիւն ինք­նու­թիւ­նը երաշխա­ւորող ազդակներու ու արժէք­ներու անվթար պահ­­պա­նումը՝ ա­ռանց ինքնամեկուսացման վտան­գին ենթարկե­լու հան­րապետու­թիւնը, լուրջ մարտահրաւէրներ են։

 

Սփիւռքը մնայուն մաշումի մէջ է, հակառակ իր մղած բուռն գոյա­պայքարին։ Ներքին արտագաղթը դէպի սոսկ «հայկական ծագում»ով բնորոշ­ուող ինքնութիւն, կը շարու­նակուի, ամէ´ն տեղ։ Մեր ինքնապաշտպանութեան զէն­քերը սկսած են ժանգ կա­պել։ Մեր շրջապատէն մեզ զանազանող գիծերը սկսած են հե­տզ­հետէ անհե­տանալ։ Համաշխար­հայ­նացած աշ­խար­հին մէջ ինքնակեդրոն ապ­րիլը՝ մեր հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ այլ կառոյց­ներով պաշտպան­ուած, դարձած է փաստօրէն ան­կա­րելի, ինչպէս նաեւ անճիշդ։

 

Արդեօք ներկայ պայմանները մեզ պէտք չէ՞ մղեն ինքնաճա­նաչման նոր չափանիշներ ու ինքնարտայայ­տութեան նոր կեր­պեր որոնելու՝ պա­հելով խորքը, միջուկը ու ոգին, եւ հայ մարդը բանալով նոր հորի­զոններու։ Արդեօք Սփիւռքի ներուժը ջլատող ու գա­ղութ­­ները ինքնակղզիացում առաջնորդող ներ-գաղութա­յին պայ­ման­ները մեր կառոյցները պէտք չէ՞ մղեն դուրս գալու կաղապարուած մտածողութենէն ու աւան­դա­կան գործե­լա­կեր­պերէն եւ իրենց դարպասները լայնօրէն բա­նա­լու նոր հո­րի­զոն­ներու։ Արդեօք Սփիւռքը մաշեցնող ներկայ պայ­ման­ները պէտք չէ՞ մղեն մեր երի­տա­սարդու­թիւնը, որ աւիշը կը կազմէ մեր կեան­­քին, իր յառա­ջատեսիլ մտածողութեամբ ու բազ­մա­կողմանի մաս­նագի­տութեամբ, մեր ազգը բանա­լու նոր հորիզոն­ներու։

 

Նոր հորիզոններու բացուիլ կը նշանակէ բացուիլ ապագա­յին՝ առանց մոռ­նալու անցեալը, բացուիլ նորին՝ առանց անտե­սելու հինը, բացուիլ համահայկականին՝ առանց հեռանալու տեղականէն։ Նոր հորիզոններու բացուիլ կը նշանակէ՝ ներդաշ­նակ ու հարստացուցիչ փոխ-ներգործութիւն ստեղծել մեր շրջա­պա­տին ու համաշխարհայնացած աշխարհին հետ, մնալով կառչած մեր արժէքներուն ու ինքնահաս­կացո­ղութեան։ Նոր հորիզոն­ներու բացուիլ կը նշանակէ՝ ճշդել այն­պիսի ազգային ռազմավա­րու­թիւն, որ մեզ կ᾽ուղղէ հեռա­նկա­րային ու երկրաշունչ ծրագ­րում­ներու։

 

Այս ծիրէն ներս, Սփիւռ­քի վերա­կազ­մա­կերպումը անյետա­ձգե­­լի առաջ­­նահերթութիւն է, եւ անոր ներուժին ամբողջական ու ճիշդ օգտագործումը՝ հրա­մայական։ Անկասկած, ինքզինք հայ դաւանող հայուն վախճա­նա­կան հասցէն Հայաս­տա´նն է։ Սա­կայն, Սփիւռ­քին վերակազմա­կեր­պումը՝ իր մարդուժով, ներու­ժով ու կառոյցներով, մանա­ւանդ իր ինքնութեան ու ազգային պատկանելիու­թեան վերակեն­սաւորումով, առանց­քային կարեւո­րութիւն ունի թէ´ Հա­յաս­­տա­նի հզօ­րացման եւ թէ համահայ­կա­կան իտէալ­ներու իրականաց­ման համար։

 

Ներքին դրուածքներով, մտածելակերպերով ու մտա­հոգու­թիւն­ներով իրարմէ տարբեր գաղութները, նոյնիսկ սփիւռքները, անհրաժեշտ է համազգային գաղափարա­խօսականի ու տեսլա­կա­նի շուրջ իրար զօդել եւ նոյն ուղղութեան մէջ դնել։ Արդարեւ, Հա­յաս­­տանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրացումը, հա­յոց ցեղասպա­նութեան ճանաչումն ու հատուցումը եւ ամբող­ջական Հայաստանի ձգտումը կրնան ո´չ միայն հիմքը ու հէնքը կազմել համազգային տեսլականին, այլ նաեւ կրնան դառնալ ազ­գա­յին ինքնաճանաչման ու ինքնագիտակ­ցու­թեան հարթակը ու զօրեղ պահպանման առանցքը։ Այլապէս, համազգային ամուր գա­ղա­փա­­րախօսու­թենէ ու ռազմավա­րական յստակ ուղղութենէ զուրկ, սոսկ հայրե­նա­սիրութեան ալիքներուն մէջ օրօրուող Սփիւռ­­­­քին ինք­նամաշու­մի ըն­թաց­քը կրնայ ըլլալ արագ ու ան­դառնալի։

 

Սփիւռքին հայօրէն գոյատեւելը ոեւէ ժամանակէ աւելի ա­մէնօր­­եայ պայքար է։ Հայաստանին զօրակցութիւնը Սփիւռքի գո­­յապայ­քարին ճշդո­րոշիչ է։ Հայաստան եւ Սփիւռք իմաստու­թիւնը ու պատ­­­րաս­տա­կա­մութիւնը պէտք է ունենան, համագու­մար­ներէ ու փո­խա­դարձ այցելու­թիւն­ներէ, բարեգոր­ծութենէ ու պիզնէսա­յին ներդ­րումներէ անդին, միա´ս­նաբար ծրագրե­լու ու հանգրուա­­նա­յին կերպով իրագոր­ծելու այն ինչ որ էական է «ուժեղ Հայաս­տան-ուժեղ Սփիւռք» տեսլա­կանի իրականացման։ Այս պէտք է դառնայ համազգային անշեղ քաղաքա­կա­­նութիւն։ Հա­մազ­գային Խոր­հուրդ մը ստեղ­ծելու գաղա­փարը, որուն շուրջ խորհրդակ­ցու­թիւններ տեղի ունեցան վեր­ջին քանի մը տարինե­րուն, կրնայ կա­րեւոր դեր ունենալ այս գծով։

 

2015-ին նշեցինք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեա­կը, 2016-ին Հայաստանի երկրորդ հանրա­պե­տու­թեան 25-ամեակը եւ 2018-ին Հայաստանի առաջին հան­րա­պետու­թեան 100-ամեակը։ Այս ամեակները սովո­րական տարե­դարձ­­ներ պէտք չէ դառնան մեր ազգային կեան­քի օրացոյցին վրայ. այլ՝ նոր շունչ ներարկող ու հզօր պատգամ փոխանցող դէպքեր։ Հայրենա­սիրութեամբ ջրդեղ­ուած կարգախօսերը գօտեպնդիչ են ու նաեւ դաստիա­րա­կիչ, անտարակոյս։ Սակայն, հարկ է հե­ռու մնալ լոզուն­գային մշա­կոյթին ժամանակաւոր խան­դավա­ռութենէն եւ ամէն բան վարդագոյն տեսնելու խա­բու­սիկ մօտե­ցում­ներէն։ Իրատեսու­թիւնը կրնայ յոռե­տեսութեան մթնո­լորտ ստեղծել. սակայն ճի´շդ ուղղութեան ու դիրքորոշում­ներու կ᾽ա­ռաջ­նորդէ։ Բոլո´ր պարա­գանե­րուն ու բոլո´ր պայ­մաններուն մէջ, մեր ազգին ու հայրե­նիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերը ա­ռաջ­­նահերթ նկա­տելը, գաղափա­րա­խօ­սու­թենէն անդին՝ անհրաժեշտ է որ դառնայ համազգային ռազմա­վարու­թեան ամուր հիմքը։

 

Մեր ազգին հզօրութեան աղբիւրը իր հա­ւա­քա­կան ներուժն է, եւ այդ հաւա­քական ներու­ժը կազ­մող՝

 

– մեր արժէքներուն նկատմամբ մեր ունեցած անշեղ հաւա­տար­մութիւնը.

– մեր ձգտումներուն հասնելու մեր անտեղիտալի յանձնա­ռու­թիւնը.

– Հայաստանը ու Արցախը հզօրացնելու մեր անբե­կանելի վճռա­­կամու­թիւնը.

– Սփիւռքը վերակազմակերպելու մեր հետեւո­ղական ճիգը.

– եւ այս բոլորին մղում տուող՝ մեր անխորտակելի հաւատքն ու միասնակա­նութիւնը։

 

Ուրիշ ճանապարհ չունինք։ Այլապէս, մեր կեանքի երկնակա­մարին վրայ մութ ամպեր պիտի կուտակուին։ Հարկ է այնպէս մտածել ու ծրագրել, գործել ու պայքարիլ, որ մեր կեանքի հորի­զո­նին վրայ բազմանան մեր ազգին «վարդա­հեղեղ արշալոյս»ը աւետող ճա­ռա­գայթները։