Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ “THE ARMENIAN CHURCH” (ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ) ԳԻՐՔԻՆ ՊԱՐՍԿԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին “The Armenian Church” հատորին պարսկերէն թարգմանութիւնը՝ «كليساى ارمنى» (Հայ Եկեղեցին)՝ թարգմանութեամբ՝ Վեր. Միշել Աղամալեանի։ Գործը նախաձեռնած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ մեկենասութիւնը ստանձնած է Տ. եւ Տիկ. Ասպետ Հայկազ Թահմազեանը։

 

Յայտնենք, որ յիշեալ գիրքին գերմաներէն, արաբերէ ու ռուսերէն թարգմանութիւնները եւս գրեթէ հասած են իրենց աւարտին։ Գիրքը այսօրուան երիտասարդութեան հետաքրքրական ու համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը, նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական երեսները։