Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի 97-րդ հրատարակութիւնը, որ Արշակ Ալպօյաճեանի «Անհետացող դէմքեր» գործն է՝ նուիրուած Գրիգոր Զոհրապի կեանքին ու գործին։ Գործին խմբագիրն է Ժիրայր Դանիէլեանը։
Այս անգտանելի մենագրութիւնը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է Պոլիս 1919 թուականին, Գ. Զոհրապի կեանքին առընչուող նոր մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ։ Օգտագործելով արխիւային նիւթեր, Ալպօյաճեան իր գրական ոճով ու գրականագէտի հմտութեամբ կը խօսի Գ. Զոհրապին կեանքին մասին ու կ՚արժեւորէ անոր գրականութիւնը 8 գլուխներու տակ՝ «ուսանողութեան շրջան», «գրագէտին նախափորձերը», «վիպագիրը», «հրապարակագիրը», «բանաստեղծը», «փաստաբանը ու օրէնսգէտը», «հանրային գործիչը» եւ «նկարագիրը ու մահը»։