ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՐԴԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Աստուածաշունչի նոր աշխարհաբար թարգմանութիւնը՝ համեմատաբար յունարէնի եւ գրաբարի, որ կ՚ընդգրկէ Նոր Կտակարան եւ Սաղմոսներ։

 

Այս թարգմանութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր աշխատանքը արդիւնքն է Աստուածաշունչը նոր սերունդին նոր լեզուով փոխանցելուն։ Հոս շեշտը դրուած է բովանդակութեան ու մտածումին թարգմանութեան՝ արդի հայերէնով, ինչպէս նաեւ յատուկ ճիգ թափուած է ժողովրդականացնելու լեզուն, որպէսզի առաւելագոյնս մատչելի ըլլայ թէ՛ ընթերցողին եւ թէ ունկնդրողին։ Կարելի է նշել, որ թարգմանութիւնը կարելի եղած չափով հեռու մնացած է մասնագիտական եզրերէ, դժուարահասկնալի բառերէ, երկար եւ դարձդարձիկ նախադասութիւններէ, կրաւորական եւ անդէմ կառոյցներէ, դերբայական դարձուածքներէ։ Աւելին՝ թարգմանութիւնը ունի ենթախորագիրներ, ծանօթագրութիւններ, Աստուածաշնչական յղումներ, համառօտ բառարան, ժամանակագրական տախտակ, Աւետարաններու համեմատութեան տախտակ, Առակներու եւ հրաշքներու ցանկեր, քարտէսներ եւ ընտանեկան արձանագրութիւններու յատուկ բաժին։  

 

Թարգմանութիւնը կը սկսի ներածականով, ուր կը տրուի Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կերպը՝ որպէս ուղեցոյց, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան առնչուած ընդհանուր գիտելիքներ։

 

Սոյն թարգմանութիւնը թէ՛ Աստուածաշունչ ընթերցած մեր հաւատացեալներուն եւ թէ նոր ընթերցողներուն լաւագոյն տարբերակն է, որպէսզի ընթերցողը վերանորոգ կերպով վերամիանայ քրիստոնէութեան շարքերը։