ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ»-Ի ՄԻՆՉ ԱՅԺՄ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ 14 ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

10 Հոկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ նուիրուած յուշամատեաններու շարք» մատենաշարի 14 հատորներու շնորհահանդէսը («Ատանայի հայոց պատմութիւն», «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Ա.)», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Բ.)», «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», «Պատմագիրք Կիւրինի», «Քեսապ: Տեղագրութիւն, բնակավայրեր, բնակչութիւն, պատմութիւն, տնտեսութիւն», «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն», «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ (Ա.)», «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ: Տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական ուսումնասիրութիւն (Բ.)», «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի (Ա.)», «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի», «Յիշատակարան Րումտիկինի»):

 

Շնորհահանդէսին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ տիար Խաչիկ Տէտէեան, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, մատենաշարի խմբագիր տիար Ժիրայր Դանիէլեան, գիտնականներ, մտաւորականներ, հիւրեր:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան: Արտայայտելով իր հիացմունքը իրականացած հսկայածաւալ աշխատանքին վերաբերեալ` ան նշեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անձամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրենանուէր ջանքերով վերահրատարակուած են Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, շրջաններուն նուիրուած յուշամատեանները, տարբեր ուսումնասիրութիւնները` մատչելի դարձնելով զանոնք գիտական ու հասարակական լայն շրջանակներու: Այդ նպատակով ձեւաւորուած յանձնախումբը հսկայական աշխատանք կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը յաւերժացնող այս հատորեակներու սրբագրական, տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերու կազմութեան, լրացումներու եւ հրատարակութեան մէջ»: Նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մատենաշարի մեկենասներուն:

 

Շնորհաւորելով մատենաշարի լոյս ընծայման առիթով` Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ այս շնորհահանդէսը իր տեսակին մէջ եզակի եւ իւրօրինակ իրադարձութիւն է:

 

Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար տիար Վահան Տէր Ղեւոնդեան ընդգծեց, որ յուշամատեանները սոսկ յուշագրութիւններ չեն, անոնք իրենց ծաւալով, նիւթի առատութեամբ եւ տեղեկութիւններով կը նմանին հանրագիտարաններու:

 

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Քեսապ: Տեղագրութիւն, բնակավայրեր, բնակչութիւն, պատմութիւն, տնտեսութիւն» հատորի հեղինակ, պատմաբան տիար Յակոբ Չոլաքեան եւ յոյս յայտնեց, որ հատորներու հրատարակութիւնը շարունակական բնոյթ ունենայ:

 

Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ տիար Էդիկ Մինասեան բաժանմունքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մատենաշարի խմբագիր տիար Ժիրայր Դանիէլեանին` նման պատմագիտական աշխատութիւններու լոյս ընծայման համար:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ տիար Խաչիկ Տէտէեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Չեմ կրնար երախտագիտութիւն չյայտնել Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային, Սփիւռքի նախարարութեան` յանձին նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, որ իր քաջալերանքի խօսքերով մեզի միշտ ուժ կու տայ: Մենք պիտի շարունակենք նոյն ոգիով եւ փորձենք յաջորդիւ հրատարակել նաեւ մեր պատմագրութեան անտիպ էջերը»:

 

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ նուիրուած յուշամատեաններու շարք» մատենաշարի խմբագիր տիար Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ներկաներուն փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը: «Մեր այս գործին շարժիչ ուժը եղած է Վեհափառ Հայրապետը: Երբ նոր կը սկսէինք մատենաշարը հրատարակել, նպատակ ունէինք հատորներու թիւը հասցնել 60-ի, այժմ տպարանին մէջ է մատենաշարին 15-րդ հատորը: Կայ մարդուժի պակաս, սակայն ես վստահ եմ, որ հետագայ սերունդները պիտի շարունակեն մեր գործը: Կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ շուտով մատենաշարի 50 օրինակ պիտի ուղարկուի Հայաստան. անոնք պիտի տրամադրուին Մատենադարանին, ակադեմական կեդրոններու, պատմաբաններու եւ բանասէրներու»: