Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ե. ՀԱՏՈՐ»-ը, որ կը բովանդակէ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի, Ս. Ծննդեան ութօրէից եւ Տեառնընդառաջի կանոնները, ինչպէս նաեւ Ծննդեան ալէլուքները։
Եղանակներու նօթագրութիւնը նախորդ աշխատանքներուն հետեւողութեամբ կատարուած է, պահելով Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս երգուած աւանդական հարազատութիւնը։ Սոյն հատորին հրատարակութեան համար, համակարգիչի վրայ նօթագրութիւնը սիրայօժար կատարեց՝ Տիար Սարգիս Յովհաննէսեանը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, սոյն հատորը անդրանիկ հրատարակութիւն կը դառնայ «Զարեհ Արք. Ազնաւորեան» հրատարակչական ֆոնտին։