Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու մատենաշարով ցարդ լոյս տեսած են վերահրատարակուած 14 հատորներ, որոնք կարելի է գտնել առցանց։
Վերահրատարակութիւնները այժմ կը շարունակուին ելեկտրոնային տարբերակով։ Շարքին 15-րդ գիրքը կը հանդիսանայ Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանգներ» աշխատասիրութեան առցանց հրատարակութիւնը, որ կարելի է գտնել Կաթողիկոսարանիս գրատան կայքէջին վրայ՝ www.ciliciabookstore.com