ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԶԻՆԱԴՐՕՇ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» Գրական մրցանակի թիւ 94-րդ հրատարակութիւնը՝ Վարանդի «Զինադրօշ» բանաստեղծական գործը, խմբագրութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի։   Հատորը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին եւ կը բաղկանայ շուրջ վաթսուն բանաստեղծական յօրինումներէ՝ տեղադրուած «Պատմութեան հետքերով», «Կարօտանք», «Դիւցազունք» եւ «Գոյատեւում» ենթախորագիրներու տակ։  

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու բաժանմունքի «Եկեղեցի եւ Ժողովուրդ» մատենաշարին թիւ 12-րդ եւ «Սմբատ Արք. Լափաճեան» հրատարակչական ֆոնտի թիւ 45-րդ հրատարակութիւնը՝ «Քրիստոսի Այլակերպութեան Մարտահրաւէրը» խորագրեալ։ Սոյն գիրքին աշխատութիւնը կատարած է Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։   Գրքոյկը կը բովանդակէ 15 նիւթեր, որոնք կ՚անդրադառնան Քրիստոսի այլակերպութեան հրաւէրին, ինքնութեան յայտնութեան,…