19 July, 2018

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու բաժանմունքի «Եկեղեցի եւ Ժողովուրդ» մատենաշարին թիւ 12-րդ եւ «Սմբատ Արք. Լափաճեան» հրատարակչական ֆոնտի թիւ 45-րդ հրատարակութիւնը՝ «Քրիստոսի Այլակերպութեան Մարտահրաւէրը» խորագրեալ։ Սոյն գիրքին աշխատութիւնը կատարած է Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։

 

Գրքոյկը կը բովանդակէ 15 նիւթեր, որոնք կ՚անդրադառնան Քրիստոսի այլակերպութեան հրաւէրին, ինքնութեան յայտնութեան, աղօթքին այլակերպման եւ այլ նիւթերու։

 

Գրքոյկը կ՚օգնէ հաւատացեալ ընթերցողին ներթափանցելու Քրիսոտսի այլակերպման եւ իր հաւատքը խարսխելու ճիշդ գիտութեան մէջ։