Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԵՐԿԻՐ ԾԻՐԱՆԻ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԶԱՐՈՒՀԻ ՓՈՍՏԱՆՋԵԱՆԸ
10 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոստանջեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի Նախարարութեան Լրագրողներու Համակարգող Խորհուրդի նախագահ եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Հասարակական Խորհուրդի անդամ՝ Շահան Գանտահարեանը։ Տիկին Զարուհի Փոստանջեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները Հայաստանի ներկայ ու յառաջիկայ քաղաքական…