Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւԳէորգ Մելիտինեցի գրական Մրցանակի հրատարակութեանց շարքի 88-րդ հատորը՝ «Անդրդուելին» խորագիրով։ Հեղինակն է Տոքթ. Ժիրայր-Վահէ Մալճեան, որ աշխատակցած է հայ մամուլին եւ գրական հանդէսներու, յատկապէս Պօղոս Սնապեանի խմբագրած «Ազդակ-գրական յաւելուած»ին եւ «Կամար» պարբերականներուն։ Մեր ազգային կեանքը ալեկոծող եւ յուզող երեւոյթները լուսարձակի տակ առնուած են իր կողմէ։ Ստորագրած է նաեւ գրական եւ գրականագիտական ակնարկներ, որոնք առանձին հատորով լոյս ընծայուելու առիթին կը սպասեն։
«Անդրդուելին» վէպ մըն է, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ինքնակենսագրավէպ մը։ Հերոսը փոքր տարիքէն ուսանելու մարմաջը փայփայած է, բայց միշտ հանդիպած՝ խոչընդոտներու։ Պայքարած է անտեղիտալիօրէն։ Օր մըն ալ բախտի անիւը ի նպաստ իրեն դարձած՝ մեկնած է հայրենիք, եւ փայլուն արդիւնքներով աւարտած Երեւանի բժշկական համալսարանը։ Հոգեբանական բարդ ապրումներու, սիրոյ անիմանալի վերիվայրումներու, ազգային եւ հայրենասիրական ապրումներու փախումներով հարուստ այս վէպով՝ հեղինակը արդարօրէն մուտք կը գործէ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։