ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ. ԵՐԻՏԹՈՒՐՔԵՐԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1919-1921 ԵՒ 1926 ԹԹ.)-Ի ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամը լոյս ընծայեց իր 10-րդ թիւը՝ Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921 եւ 1926 ԹԹ.) մենագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը՝«Acknowledgement and Condemnation: The Trails of Young Turks in 1919-1921 and 1926»։ Աշխատասիրութեան թարգմանիչն է հանգուցեալ դոկտ. Արա Գաբրիէլեանը, իսկ անգլերէն հրատարակութեան խմբագիրն է Արեւիկ Գաբրիէլեանը:

 

 

Մենագրութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ 1919-1921 թուականներուն հայերուն տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով յարուցուած դատական գործերը եւ 1919-1920 ու 1926 թուականներուն երիտթուրքերու դատավարութիւնները: Աշխատութեան մէջ համեմատութիւն կը կատարուի 1919-1921 եւ 1926 թուականներուն Իթթիհատականներու դատավարութիւններուն միջեւ: