«ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի Աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։

 

Ս. Պատարագի աղօթքներուն փրկչական զօրութիւնը ներկայացնելու կողքին, այս գործը կը պարունակէ ներածական մը մեկնիչին՝ Խոսրով եպիսկոպոսին, թարգմանիչին՝ Զարեհ արքեպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ աշխատասիրութեան վիճակին ու մեթոտաբանութեան մասին։ Հատորը նաեւ կ՚ընդգրկէ Զարեհ սրբազանին անձնական նօթերէն քաղուած որոշ տեղեկութիւններ, Աստուածաշնչական մէջբերումներ, անձնանուններու ու տեղանուններու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր։

 

140 էջերու վրայ տարածուած յիշեալ գործը մատչելի ոճ ու լեզու ունի եւ ընթեռնելի է Ս. Պատարագը խորապէս ընկալել փափաքող երիտասարդ թէ երէց ընթերցողներու համար։