Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան ծիրէն ներս, Հռոմի Քարիթասի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Լիբանանի Քարիթասի ներկայացուցիչները:
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց Լիբանանի ժողովուրդին ընկերատնտեսական դժուարութիւնները եւ իր գնահատանքը յայտնեց Քարիթասին՝ անոր կատարած ընկերային օժանդակութիւններուն համար, միաժամանակ ան թելադրեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կատարուած օժանդակութիւնները հեռու ըլլան պարագայական կերպով կատարուող օժանդակութիւններէ եւ ըլլան աւելի կազմակերպ ու ամբողջական: