ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ Կ՚ՕԺԱՆԴԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ 2023-2024 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին նախագահութեամբ 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին, յանուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան թեմակալ առաջնորդ սրբազանը երախտիքի ու շնորհակալութեան խօսք առնելով՝ ուրախութեամբ յայտնեց, որ թեմը, 2023-2024 կրթական տարեշրջանին, Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն գործնապէս զօրակցելու յանձնառութենէն մեկնած, ազգային վարժարաններ յաճախող 100 աշակերտի պիտի տրամադրէ կրթաթոշակի օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ նոյն թեմի ազգայիններէն եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւոր Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, իր տիկնոջ՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակին, պիտի հոգայ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարան յաճախող 100 աշակերտի կրթաթոշակի ծախսերը։

 

«Երբ կ՚ըսենք Լիբանան եւ լիբանանահայութիւն, ամէն բանէ առաջ, մենք կը հասկնանք մեր Կեդրոնը՝ Կաթողիկոսարանը եւ Կաթողիկոսարան ըսելով կը հասկնանք մեր խորհրդանիշը՝ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը. հետեւաբար, Վեհափառ Տէր, Ձեր օրհնութիւնը կը խնդրեմ, որ 2023-2024 տարեշրջանին, այս անգամ Լիբանանի ազգային վարժարաններուն համար, յանուն մեր պատգամաւորներուն ու մեր Ազգային Առաջնորդարանին, սկսիլ նոր հարիւր (100) աշակերտ հովանաւորելու ծրագրին, որպէսզի ըսենք մեր լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, ո՛չ թէ անցնող տարիներուն, այլ յառաջիկայ տարի եւս եւ այնքան ատեն, որ Ամենակալը մեզի ոյժ կու տայ եւ եղբայրութիւնը ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, պիտի շարունակենք իրարու հետ աշխատիլ եւ գործել, վասն հայ ժողովուրդի պայծառութեան եւ հայ դպրոցի առաւել կենսաւորման։ Ուստի, Վեհափառ Տէր, կը փափաքինք հովանաւորել Լիբանանի Ազգային վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) աշակերտի կրթաթոշակը եւս» յայտնեց առաջնորդ սրբազանը։

 

Անդրադառնալով ընդհանրապէս Լիբանանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը դիմագրաւող տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն ու տագնապներուն եւ մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ թեմին ու անձնապէս ունեցած հաւատարմութենէն՝ Թորգոմ սրբազան յայտարարեց. «Դուք, Վեհափառ Տէր, շատ լաւ գիտէք եւ մեր թեմի պատգամաւորները եւս լաւապէս կը գիտակցին, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսը անձեռնմխելի ներկայութիւն եւ հեղինակութիւն է մեր ազգի ու հայ Սփիւռքի կեանքին մէջ։ Եւ իբրեւ մէկ այլ խորհրդանիշը մեր թեմին ունեցած ե՛ւ ակնածանքին, ե՛ւ ջերմութեան, ե՛ւ զօրակցութեան Ձերդ Սրբութեան, այս նոր տարուան առիթով, ի պատիւ Ձեր անձին, Վեհափառ Տէր, մենք կը փափաքին Լիբանանի հազար (1,000) կարիքաւոր ընտանիքներու նոր տարուան բոլոր ծախսերը ապահովել՝ Ձեր տրամադրութեան տակ դնելով հարիւր հազար ամերիկեան տոլար ($100,000), որպէսզի ի պատիւ Ձեզի բաշխուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

 

«Հետեւաբար, հետեւելով Ձեր օրինակին, Ձեր խօսքին, Ձեր տիպարին, Վեհափառ Տէր, մենք խօսքէն գործի անցնելու աշխատանքին մէջ ենք։ Պատիւը միայն Ձեզի եւ Ձեր ուղղութիւններուն»։

 

Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով վերոյիշեալ զօրակցական արտայայտութիւններուն ու գործնական նախաձեռնութիւններուն՝ ըսաւ, որ մեր կեանքը շրջապատող տխուր պայմաններու մէջ նման նախաձեռնութիւններ կը գօտեպնդեն մեզ, որովհետեւ մեր կատարած ծառայութիւնն ու սրբազան առաքելութիւնը բոլորին ծառայութիւնն ու առաքելութիւնն է։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ «մենք» եւ «դուք» բաժանումներ չկան, այլ կայ միայն «մենք»ը, որ կ՚օժանդակէ, կը զօրակցի ու կը ծառայէ հո՛ն, ուր կարիքը կայ։ Այս առիթով, Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց ընդհանրապէս թեմերուն եւ ի մասնաւորի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին ունեցած յանձնառութիւնը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Լիբանանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ։