Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ (ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ԼԻԲԱՆԱՆ – 7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022)

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայ­րապետական օրհնութեամբ կʼողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը։ Որ­պէս մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, եկած էք Անթիլիասի Մայրա­վանք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղին, քննար­կու­մը եւ արժեւորումը կատարելու վերջին հինգ տարիներու Կաթո­ղի­կոսութեան առաքելութեան: Արդարեւ, հակառակ մեզ շրջապատող դժուար պայմաններուն, մեր Սուրբ Աթոռին հաւատքի առա­քելութիւնը՝ ազգային ծառայութեամբ թրծուած, եղաւ առաւելագոյն չափով համա­պարփակ ու թափանցիկ. եղաւ ծրագրուած ու համահունչ՝ մեր ժողո­վուրդի կարիքներուն, սպա­սումներուն ու իտէալներուն։ Արդ, այս հայե­ցակէտով ու չափանիշերով հարկ է արժեւորել Ազգ. Կեդրոնական Վար­չութեան Կրօնա­կան եւ Քաղաքական Ժողով­նե­րու տեղեկագիրները։

 

Անցնող շրջանը եղաւ տագնապալից, բառին ամբողջական առումով։ Տագնապալից՝ ողջ մարդկութեան համար, համաճարակին ստեղծած ծանր պայմաններուն հետեւանքով։ Տագնապալից՝ մեր ժողովուրդին հա­մար, Արցախի պատերազմի մեծ թիւով զոհերուն ու պատճառած ահա­ւոր քան­դու­մներուն հետեւանքով։ Վերջապէս, տագնապալից՝ յատկա­պէս Լիբանանի հայութեան համար, Պէյրութի նաւահանգիստին պայ­թումին եւ ընկերա-տնտեսական վիճակի վատթարացման հետեւանքով։ Բոլո՛րս, առաւել կամ նուազ չափով, ապրեցանք յիշեալ տագնապները մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Երբ յետադարձ ակնարկով նայինք մեր ապրած մռայլ տա­րիներուն, կրնանք միայն ըսել՝ «փա՜ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ. յա­ղագս ամենայնի, Տէր, փառք քեզ»։ Փա՜ռք քեզ Աստուած, որ հակառակ մեզ շրջապատող բազմազան ու այլազան դժուարութիւն­ներուն, մեզ հեռու պահեցիր ամէն տեսակ չարիքներէ: Փա՜ռք քեզ Աստ­ուած, որ եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու մեր հաւատ­քը աւելի կռանեցիր ու նուիրումը աւելի ամրացուցիր։ Անոնք, որոնք մեր հաւաքական առա­քելութեան ու ծառայութեան ճանապարհին վրայ հե­ռացան այս երկրա­ւոր կեանքէն, թող Աստուած իրենց հոգիները ըն­դու­նի երկնքի արքայու­թեան մէջ։

 

Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկագիրները ամփոփ սակայն ամ­բողջական կերպով կը ներկայացնեն անցնող շրջանի Կաթողիկոսու­թեան առաքելութիւնը իր գլխաւոր բնագաւառներով ու յատկանշական երեսներով։ Այս գծով կʼուզենք հետեւեալ յիշեցումը կատարել.- Առա­ջին, մեր եկեղեցին, ինչպէս յաճախ կարեւորութեամբ շեշտած ենք, ազ­գա­յին եկեղեցի է, եւ հետեւաբար, մեր եկեղեցւոյ կեանքին, առաքե­լու­թեան ու ծառայութեան մէջ հոգեւորին ու ազգայինին միջեւ բաժանման գի­ծեր չեն կրնար գոյութիւն ունենալ. անոնք զիրար կʼամբողջացնեն ու կը հարըս­տացնեն մէկ ու անբաժանելի ամբողջութեան ծիրէն ներս։ Այսպէ՛ս հարկ է մօտենալ ձեր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկա­գիր­ներուն, ուր ակներեւ են յաճախ նոյն մարզին առնչուած երկու ժողո­վական մարմին­ներու կատարած լրացուցիչ աշխատանքները։ Երկրորդ, Կաթողի­կո­սութեան առաքելութիւնը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ու յարա­կից մարմիններուն կողմէ կատարուած, պէտք չէ պարփակուի Կաթողի­կո­սարանի սահմաններուն մէջ, այլ անհրաժեշտ է որ ան գործնապէս թարգ­մանուի թեմերէն ներս՝ իւրաքանչիւր թեմի ներքին դրուածքին ու իւրայատուկ միջավայրին համաձայն։ Այս պրիսմակէն հարկ է արժեւո­րել Կաթո­ղիկոսութեան առաքելութիւնը:

 

Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին օրակարգը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ.- կատարուած առաքելութեան քննարկում ու գնահատում, եւ կատարուելիք առաքելութեան էական ու առաջնահերթ մարզերու ճըշ­դում։ Մեր սպա­սումն է, որ ձեր մօտեցումը ըլլայ իրատես ու համա­պարփակ՝ մեկնելով մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններէն: Մեր սպասումն է նաեւ, որ ձեր քննար­կումը իր մղումը ստանայ մեր ժողովուրդին կողմէ այս Սուրբ Աթո­ռին վստահուած համազգային առա­քե­լութեան նոր շեշ­տաւորում ու ճա­ռա­գայթում տալու յանձնառութենէն։

 

Վերջին տարիներուն, մեր դիմագրաւած տագնապները կը շարու­նակուին աննահանջ կերպով: Անորոշութիւնը, յուսախաբութիւնը, յու­սա­­­հա­տութիւնը ու անտարբերութիւնը իրենց աննախատեսելի հետե­ւանք­­նե­րով շրջապատած են մեր կեանքը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Արդ, կʼուզենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ամփոփ գիծերով Մեր տեսակէտը պարզել հայ կեանքը յուզող հիմնահարցերու մասին, ինչպէս նաեւ իրապաշտ ոգիով ու յառաջատեսիլ մօտեցումով Մեր պատ­կերացումը ներկայացնել այն գլխաւոր բնագաւառներուն, որոնք հարկ է դառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողի­կոսու­թեան յառաջիկայ շրջանի առաքելու­թեան առաջնահերթութիւնները.–

 

Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգումը դարձած է անյետաձգելի հրա­մայական: Հետեւաբար, հարկ է որ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգչական գոր­ծընթացը նոր մղում ու ծաւալ ստանայ յատկապէս՝ երիտասարդ հոգեւոր մշակ­ներու կազմաւորումով, ծէսին բարեկարգումով, ընկերային ծառայու­թեան ծաւալումով ու դաստիարակչական դերին վերաշխուժա­ցումով։ Մեր հա­մո­զումով ու Նուիրապետական չորս Աթոռներու սերտ գործակցու­թեամբ 2014-ին սկսուած, սակայն ներ-Հայաստանեան պայ­մաններու պար­տադ­րան­քով կանգ առած, բարեկարգչական աշխատան­քը անհրա­ժեշտ է որ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական կերպով շա­րու­նակուի։ Մինչ այդ, մեր Սուրբ Աթոռի Կրօնական Ժողովին առաջնոր­դու­թեամբ եւ մեր թեմե­րուն գործօն մասնակցութեամբ հարկ է որ հան­գրուանային կերպով հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առնչուած ծրա­գիր­ներ մշակ­ուին ու աշխա­տանքներ կատարուին՝ մեր ողջ եկեղեցւոյ վերանորոգման նպաստելու հեռանկարով։

 

Մարդուժի պատրաստութիւնը՝ Դպրեվանքի ու Քահանայից Պատ­րաստութեան Դասընթացքի, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Հա­յագիտական ու Ման­կավարժական Կեդրոններու ճամբով, անհրաժեշտ է որ առանցքա­յին տեղ գրաւէ մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան մէջ: Ճիշդ է, հակառակ աննպաստ պայմաններուն, յիշեալ կեդրոնները շարունա­կեցին գործել անց­նող տարիներուն՝ գնահատելի արդիւնքներով։ Սա­կայն, նկատի ունենալով մէկ կողմէ՝ Կաթո­ղի­կոսարանին հետզհետէ ընդարձակուող գործունէու­թիւ­նը, եւ միւս կողմէ՝ մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Սփիւռքին ծաւալող կարիք­ները, մարդուժի կազմաւորումը մեր կեանքի հոգեւոր, կրթական ու մշա­կութային մարզերէն ներս պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւէ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ:

 

Արժէքներու վերաշեշտումը աւելի քան հրամայական է այսօր՝ համաշխարհայնացումի ապա­հա­­յաց­նող մշակոյթին ենթակայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ազգ մը արժէքներով իր ինքնութիւնը կը պահէ եւ իր գոյութիւնը կʼամրացնէ: Վկայ՝ դարաւոր պատմութիւնը մեր «փոքր ած­ուին»։ Այսօր հայ կեանքէն ներս մեր բարոյական, հոգեւոր, մշակու­թային ու ազգային արժէքները փաստօրէն սկսած են դառնալ լուսանց­քային՝ նո՛յնիսկ հայրենի հողին վրայ. նաեւ ու մա՛նաւանդ մեր արժե­չափերը սկսած են փոխուիլ։ Այս վտանգալից կացու­թիւնը շրջելը կʼեն­թադրէ երկարաշունչ, ծրագրեալ ու հաւաքա­կան պայ­քար, որուն մասնա­կից պէտք է դառնան Հայաստանի պետու­թիւնը, եկեղեցին, հայ դպրոցը, մեր մտաւորականութիւնը ու կառոյցները։ Այս համազգա­յին պայքարին կո­րի­զը ու յառաջապահը կոչուած է ըլլալ դարեր շարունակ մեր ժողո­վուր­դին համար փոքր եկեղեցի, փոքր դպրոց ու փոքր հայրենիք դարձած հայ ըն­տանիքը:

 

Սփիւռքի վերակազմակերպումը  այլեւս դարձած է գոյութե­նա­կան խնդիր։ Այս մասին արտայայտուած տեսակէտերը, ստորագ­րուած յօդուած­ները եւ կատարուած ուսումնասիրութիւնները, յատկա­պէս վեր­ջին տարիներուն, իրենց պարզած տագնապներով ու մատ­նա­նշած մարտահրաւէրներով, պերճախօս վկայութիւններ են։ Մեր գաղութ­նե­րէն ներս ինքնութեան, լեզուի ու մշակոյթի առնչուած մտահոգութիւն­ները, փաստօրէն, սկսած են դառնալ տիրական. օտարին օտարացնող ներկայութիւնը՝ բնական. մեր հաւաքական կեանքէն երիտասարդու­թեան հետզհետէ հեռացումը՝ ակներեւ. կառոյցներու ինքնամաշումը՝ բացայայտ, եւ անտարբերու­թեան համաճարակը՝ համատարած։ Յիշեալ մտահո­գիչ երեւոյթները, արմատական փոփոխութեան ենթակայ աշ­խար­հին եւ բազմացեղ, բազ­մակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութիւն­նե­րուն մէջ ապ­րող Սփիւռքը կրնան առաջնորդել դէպի արագ գունաթա­փում, հա­կա­ռակ մեր եկե­ղեցւոյ ու կառոյցներուն կողմէ մղուող ամէ­նօր­եայ գոյա­պայքարին: Հետե­ւաբար, անհրաժեշտ է որ այս դաժան պայ­մաններուն մէջ ապրող գա­ղութ­ներէն ներս, բոլոր կառոյցներու գոր­ծօն մասնակցու­թեամբ, ներ-գա­ղութային եւ միջ-գաղութային գործակցու­թիւն զար­գացնենք ու համա-սփիւռքեան մտածողութիւն ձեւաւորենք, ինչպէս նաեւ մեր թեմերը, հա­մայնքները ու կառոյցները մղենք վերա­կազմա­կերպումի ու վերա­կեն­սաւորումի՝ ծրագրուած գործընթացքի մը ճշդու­մով։ Այս ուղղու­թեամբ արդէն ուղեգիծ մը փոխանցած ենք մեր թեմերուն:

 

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳ­ՆՈՒ­ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐ­ԹՈՒ­ԹԻՒՆ: Արտա­քին պայմանները յաճախ մեր գաղութները մատնած են տնտե­սական լուրջ դժուարութիւններու, սակայն կրցած ենք համազգային ճիգով զա­նոնք առաջնորդել դէպի վերականգնում։ Այսօր տնտեսական ծանր տագ­նապ կʼապրին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր համայնքները։ Անցնող տա­­րինե­րուն Կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ ու համահայկա­կան մաշտապով նիւթական աջակցութիւն կատարուեցաւ յիշեալ գաղութ­ներուն։ Ջերմ շնորհակալութիւն ու գնահատանք բոլորին։ Քաջ գիտենք, որ մեր բոլոր գա­ղութները, առաւել կամ նուազ չափով, տնտեսական մտահոգութիւններ ունին։ Սակայն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր համայնք­նե­րուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները  բազմազան են ու ամէնօրեայ։ Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ Կաթողիկոսարանի տնտե­սա­կան դժուար պայմաններուն, որպէս հետեւանք Լիբանանէն ներս ստեղ­ծուած ընկերա-տնտեսական տագնապին։ Կʼուզենք կարեւո­րու­թեամբ ընդ­գծել, թէ հակառակ մեզ շրջապատող տագնապալից պայ­մաններուն, Միջին Արեւելքի մեր գաղութներուն կազմակերպ պահպա­նումը կենսական է՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման, մեր ազ­գին պահանջատիրութեան հետապնդման ու գերագոյն իտէալներու իրականացման։ Չմոռնանք Առաքեալին խօսքը՝ «Եթէ մարմինին մէկ ան­դամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին» (Ա.Կր 12.26)։ Այս նախանձախնդրութեամբ մեր զօրակցութիւնը գործնապէս պէտք է շարունակենք Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր գաղութներուն նկատմամբ։

 

Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման մասնակցութիւնը՝ տնտ­ե­սա­կան ներդրումներու, մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ քա­ղա­քա­կան աշխատանքներու ճամբով, միշտ մնաց առաջնահերթութիւն մեր Սուրբ Աթոռին, թեմերուն եւ յարակից կառոյցներուն համար: Հետե­ւա­բար, չենք կրնար անտարբեր մնալ Հայաստանի եւ Արցախի պարզած ներկայ տխուր ու անորոշ վիճակին նկատմամբ։ Հայաստանի վե­րան­կախացումէն յետոյ պարտութիւն կրած թշնամին ինքզինք վերա­կանգնեց ու վերակազմակերպեց. մինչ յաղթանակ տարած Հայաստանը ինքզինք տկարացուց փտածութեամբ ու արտագաղթով։ Իսկ Արցախի վեր­­ջին պա­տերազմը ու անոր յաջորդող զարգացումները Հայաստանը ու Արցա­խը դրին վճռորոշ անկիւնադարձի դիմաց։

 

Հարկ է ըլլալ իրատես։ Ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները նպաս­­­տաւոր չեն մեզի համար. բարեկամներ չունինք. առանձին ենք: Մեր հզօ­րութեան աղբիւրը մեր միասնականութիւնն է: Հայաստանը ու Ար­ցախը յուզող հիմնահարցերուն նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթո­ղիկոսութեան, եւ անձնապէս Մեր տեսակէտը երբեք չէ եղած պարա­գա­յական կամ լպրծուն, այլ յստակ՝ մեկնելով մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։ Նո՛յնն է պարագան նա­եւ այսօր։ Հայաստանը ու Արցախը չեն կրնար զոհը դառնալ շրջանէն ներս, այս­պէս կոչուած համապարփակ ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու շրջա­նա­յին թէ միջազգային ուժերու ծրագրին։ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը Արցախի ժողովուրդին կողմէ հաստատուած եւ բազմիցս վե­րա­շեշ­տուած, եւ համահունչ միջազգային օրէնքին, անսա­կարկելի իրո­ղութիւն է. նոյնպէս նա՛եւ՝ Հայաստանի ամբող­ջականու­թիւնը, անկա­խու­թիւնը եւ անվտանգութիւնը։

 

Պատկառելի Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին եւ մեր սիրելի ժողովուրդին դիմաց կանգ­նած բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ կը յայտա­րարենք թէ՝ հայ ժողովուրդին համար Արցախի պատերազմը չէ վերջա­ցած, ան կը շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի, զօրաշարժի ենթարկե­լով մեր ազգը, վերակազ­մակերպելով հայոց բանակը ու համա­խմբե­լով մեր ողջ ներուժը ու մարդուժը՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկու­թեան: Արդ, հաւաքական ա՛յս տեսլականով ու յանձնա­ռու­թեամբ համա­հայկական հաւաքի մը շուտափոյթ կազմակերպումը՝ վճռական որո­շում­ներ կայացնելու ու գործնական քայլերու դիմելու, անյետաձգելի ու անվիճելի պահանջ է։ Այլապէս, շրջանի ուժերուն ռազմաքաղաքական ծրագիր­ներուն ու շահերուն ենթակայ դառնալով, Հա­յաստանը ու Ար­ցախը կրնան հիւծիլ, վտանգելով իրենց ամբողջա­կա­նութիւնը եւ նո՛յն­իսկ ան­կախ գոյութիւնը։ Հարկ է ժամանակներու նշանները ճի՛շդ կար­դալ եւ ճի՛շդ կողմ­նորոշուիլ:

 

Մեր պատգամը կʼուզենք եզրափակել Առաքեալին հետեւեալ յիշե­ցու­մով.– «Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.3-5)։ Յոյսը կրաւորական հոգեվիճակ մը չէ. ան կʼենթադրէ տոկուն հաւատք, ամուր վճռակամութիւն եւ ամբողջական յանձնառութիւն։ Մեր հաւատքը, վճռակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզած՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ ու առաջնորդութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկո­սու­թիւնը պիտի շարունակէ իր համազգային առա­քելութիւնը՝ մեր ժողո­վուր­դին հոգեւոր կարիքներուն ընդառաջումը, ար­ժէք­ներուն պահպա­նու­մը, Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումը եւ մեր ազգին իտէալներուն կենսագործումը ունենալով որպէս իր կեանքի ճամբան ու նպատակը:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

7 Դեկտեմբեր 2022

Անթիլիաս, Լիբանան