Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանայի Վարչութեան, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին, Լիբանանը դիմագրաւող ընկերատնտեսական տագնապին եւ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան հետ կապ ունեցող շարք մը հարցեր։