Քանի մը օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Ծերանոցի տնօրէնին եւ խնամակալութեան: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին պարզելու հաստատութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Նորին Սուրբ Օծութիւնը, առաջին հերթին, իր հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին, հոն հաստատուած մեր հայրերուն ու մայրերուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ կատարուող հոգածութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով հրամայական նկատեց Ազգ. Ծերանոցին գործունէութեան եւ կարիքներուն ու ծրագիրներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս այս դժուար օրերուն, երբ երկիրը տնտեսական տագնապի մէջ կը գտնուի: