ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Արդէն թեւակոխեցինք 2023 թուականը՝ մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ունենալով նոր սկիզբի, երազներու, նուաճումներու ու յանձնառութիւններու վառ յոյսը եւ մեր ետին թողեցինք մեր անձնական, ընտանեկան թէ՛ հաւաքական հինը եւ  յուսախաբութեան ոգին։ Այս սպասումներով ու հաւատքով 1 Յունուար 2023-ի առաւօտուն հաւատացեալներ ուղղուեցան Հայրապետանիստ Վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, ուր նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ Նոր տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

 

Ս. Պատարագի աւարտին, միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ հաւատացեալներ թափօրով ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, յանուն Միաբանութեան, ընթերցեց ուղերձ մը։ Առաջին հերթին հայր սուրբը փառք ու գոհութիւն յայտնեց առ Աստուած, որ 2022 տարուան ընթացքին Իր հովանին ու օրհնութիւնը մեզմէ անպակաս ըրաւ: Այսօր, Ան մեզի կը պարգեւէ նոր տարի մը, դարձեալ առիթ ընծայելով, որ մեր կեանքի ծառը տարիով մը աճի՝ Իր մեծ ողորմութեամբ եւ մարդասիրութեամբ: Հայր Առաքելը ապա անդրադարձաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հրաշափառ տօնին եւ մաղթեց, որ Խաղաղութեան Իշխանին ծնունդով խաղաղութիւն ծնի համայն աշխարհին, մեր Հայրենիքին, Արցախին եւ Սփիւռքին, ինչպէս նաեւ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին տուներէն ներս եւ սրտերուն մէջ:

 

«… Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.3-5)։ Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն քաղուած այս բառերը Հայրապետը իր պատգամին առանցքը դարձուց։ Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց առաքեալին տառապալից ու հալածանքներով լեցուն՝ սակայն միեւնոյն ժամանակ Աստուածային ներկայութեամբ, հաւատքով ու յոյսով ապրած կեանքը։ Հայրապետը թելադրեց, որ լսենք առաքեալին վերոյիշեալ վկայութիւնը, այս օրերուն մասնաւանդ, երբ մեր կեանքը լեցուն է բազմազան դժուարութիւններով՝ Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ բոլոր գաղութներուն մէջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը յորդորեց, որ այս նեղութիւններով հանդերձ կառչինք յոյսին, մեր հաւատքով շաղախուած յոյսին, որովհետեւ «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր»։

 

Այլ մէջբերումով մը, Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց դարձեալ Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն հատուած մը՝ ընդգծելով, որ Աստուածաշունչէն եկող բոլոր յիշեցումներն ու պատգամները միշտ այժմէական են ու յաւերժական. անոնք միայն Աստուածաշունչին կամ որոշ շրջապատի ու ազգերու չեն պատկանիր. անոնք յաւիտենական են ու անժամանակական, ընդգծեց Հայրապետը՝ ընթերցելով առաքեալին խօսքերը. «… նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ։ … Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ։ Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք։ Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով։ Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք։ Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու։ Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք։ Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք։ Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք։ Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անծէք, այլ օրհնեցէք։ Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք։ Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդող ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք։ … Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.2, 9-16, 21)։

 

Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս հարց տուաւ, թէ այսօր արդեօք կա՞յ աւելի սրբազան, հզօր ու այժմէական պատգամ, քան Պօղոս առաքեալի յիշեալ պատգամը եւ ըսաւ. «Հետեւաբար, լսե՛նք անոր պատգամը եւ երբ մեր տուները երթանք՝ բանա՛նք Աստուածաշունչը եւ կարդա՛նք զայն եւ անոր պատգամը մեր կեանքին մէջ ապրեցնե՛նք»։ Աւարտին, ան աղօթք վերառաքեց առ Աստուած, որպէսզի բացուող նոր տարին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ լեցնէ երկնային շնորհներով ու պարգեւներով, որպէսզի մեր ազգին կեանքը ըլլայ Աստուծահաճոյ, մեր գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը դառնան իրապէ՛ս Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս կենսաւորող ներկայութիւն։ «Թող Աստուած պահէ մեր ազգի զաւակները, որպէսզի անոնք հեռու մնան ամէն տեսակ երեւելի եւ աներեւոյթ չարերէն ու մեղքերէն։ Շնորհաւոր Նոր տարի», մաղթելով աւարտեց իր խօսքը։

 

Աւարտին, բոլոր ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» եւ Հայրապետական մաղթերգները եւ շնորհաւորելով Հայրապետը՝ ստացան անոր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը։

 

Յայտնենք, որ 2022 տարուան աւարտին եւ 2023 տարուան սեմին, նախագահութեամբ Վեհափառ Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք, որպէսզի բացուող նոր տարին մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին համար ըլլայ օրհնաբեր եւ խաղաղաբեր տարի մը։