ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Հինգշաբթի, 12 Յունուար 2023-ին, Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Կաթողիկոսանիստ Վանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող այժմէական հարցեր, յատկապէս՝ ընկերատնտեսական տագնապը եւ նախագահի ընտրութիւնը: Պատուիրակութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը մասնաւորաբար քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս: