ԴԱՌՆԱՆՔ՝ ՄԱՀԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ
Աստուած մարդը «վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (Եփ 2.5)։ Այսպէ՛ս կը վկայէ՝ իր կեանքին օրինակով, Քրիստոսը հալածած եւ ապա անոր մեծագոյն քարոզիչը դարձած Պօղոս Առաքեալ։
Աստուծոյ նկատմամբ անհնազանդութիւնը մարդը մղած էր մեղքով ու չարիքով տիրապետուած մարդակեդրոն կեանքի։
Աստուծոյ նկատմամբ անհաւատարմութիւնը մարդը առաջնորդած էր չարաշահելու, փոխանակ խնամելու իր հոգատարութեան յանձնուած աշխարհը, եւ դառնալու սեփականատէրը, փոխանակ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած խնամատարը երկրին։
Արդ, իր աստուածատուր կոչումին նկատմամբ անհնազանդ ու անհաւատարիմ գտնուած մարդը հեռացած էր Աստուծմէ, եղծած էր իր աստուածային պատկերը, այլ խօսքով՝ այն արժէքներն ու արժանիքները, երկնային շնորհքներն ու պարգեւները, որոնք տիեզերքի արարածներուն դէմ մարդուն կու տան իւրայատուկ ինքնութիւն ու նուիրական կոչում։ Արդարեւ, Աստուծմէ հեռու կեանքը կը կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը ու նպատակը։ Աստուծմէ հեռու մարդը կը դառնայ կենդանի մեռեալ, կʼըսէ Պօղոս Առաքեալը (Եփ 2.5)։ Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը մահէն կեանքի անցնի (Յհ 3.16, 5.24), կը հաստատէ Յովհաննէս Աւետարանիչ։
Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ որպէսզի՝
անառակ որդին վերադարձնէր իր հօր.
մեղքի տիղմին մէջ խրած մարդը վերականգնէ.
խաւարին մէջ կորսուած մարդը Աստուծոյ լոյսին առաջնորդէ.
երկրի ապականութեամբ տիրապետուած մարդուն առջեւ բանայ երկինքի բարիքները.
իր կոչումին դաւաճանած մարդը հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ.
մահուան դատապարտուած մարդուն պարգեւէ յաւիտենական կեանք։
Աստուծոյ Որդին մարդացաւ «մեզի հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն համար» (Յհ 3.16, Եփ 2.4-5)։ Այլ խօսքով, մարդուն հանդէպ իր ունեցած անհուն սէրէն մղուած, երկինքը՝ ապականութեան տիղմին մէջ խրած երկրին մօտեցաւ, Աստուած՝ մեղքի գերին դարձած մարդուն։
Ահա խորհո՛ւրդը Բեթղեհէմին։
Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս մանուկը կամուրջ մըն է Աստուծմէ մարդուն ձգուած, երկինքէն երկիր նետուած։ Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է մարդուն եւ մարդուն բարձրացումը առ Աստուած։ Քրիստոսի մէջ Աստուած եւ մարդ միացան անքակտելի, անշփոթ ու անխառն միութեամբ՝ Աստուծոյ Որդւոյն կողմէ մարդկային բնութեան իւրացումով։
Բեթղեհէմի ճամբով երկիր իջնելով ու մարդանալով, Աստուծոյ Որդին յաւիտենական պատգամ մը տուաւ մարդուն.-
— Ես եմ կեանքի կենսատու հացը (Յհ 6.48). հարկ է ճաշակել զայն։
— Ես եմ կեանքի ճշմարիտ ճամբան (Յհ 14.6). հարկ է քալել այս ճամբէն։
— Ես եմ կեանքի իրաւ ճշմարտութիւնը (Յհ 14.5). հարկ է դաւանիլ զայն։
— Ես եմ յաւիտենական կեանքը (Յհ 3.16). հարկ է ապրիլ զայն։
Ահա պատգա՛մը Բեթղեհէմին։
Արդ, Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ գալուստով մահէն կեանք անցանք, որովհետեւ՝
հաւատացինք թէ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Քրիստոս Փրկիչն է համայն մարդկութեան (Յհ 5.24, Եփ 2.8)։
խոստացանք բարի գործերով լեցնել մեր կեանքը (Եփ 2.10)։
հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ (Բ. Կր 5.18)։
հեռացանք մարդը դէպի մահ առաջնորդող մեղքի ու չարի աշխարհէն։
Քրիստոսի ծնունդով մարդը վերականգնեց իր աստուածային պատկերը ու վերամարդացաւ դառնալով նոր արարած. «ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է նոր արարած է» (Բ. Կր 5.17)։
Բեթղեհէմը սոսկ դէպք մը չէ, այլ նաեւ երկնային հրաւէր մը՝ ինչպէս երէկ նաեւ այսօ՛ր ու մի՛շտ, դառնալու մարդը դէպի Աստուած առաջնորդող Քրիստոսին։ Պատրա՞ստ ենք ընդունելու Բեթղեհէմէն աշխարհին եղած երկնային հրաւէրը։ Քրիստոսի ճամբէն քալելու առաջին քայլը առած հայ ժողովուրդի սիրելի՛ զաւակներ, եկէ՛ք վերանորոգ հաւատքով՝
դառնանք աշխարհի խաւարէն մեզ լոյսին տանող լոյս-Քրիստոսին։
դառնանք մեղքի տիրապետութենէն մեզ ազատագրող ազատարար-Քրիստոսին։
դառնանք ատելութեան ճիրաններէն մեզ սիրոյ աղբիւր առաջնորդող սէր-Քրիստոսին։
դառնանք ցաւի ու տառապանքի վիհէն մեզ վերականգնող բժշկարար-Քրիստոսին։
դառնանք մահէն մեզ կեանք տանող կեանք-Քրիստոսին։
դառնանք Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Միածին Որդւոյն, Փրկիչը համայն մարդկութեան։
Ահա հրաւէ՛րը Բեթղեհէմին։
*
* *
Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, եղբայրական սիրով կʼողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն։ Քրիստոնէական սիրով կʼողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։
Հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կʼողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդները, հոգեւորական դասը ու ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները. ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, աղօթելով, որ մնան միշտ Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղեւորները։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 Յունուար, 2023
Անթիլիաս, Լիբանան