ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔՆԵՐԸ

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, անցնող շաբթուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պետական ու կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն եւ ստացաւ պաշտօնական նամակներ։ Այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-
 
ա) Արթիւր Խանճեան, Իսի Լէ Մուլինոյի փոխ-քաղաքապետ (Ֆրանսա)։ Հանդիպման ընթացքին, տօնական շնորհաւորանքներու փոխանակումէ ետք, արծարծուեցան Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն եւ Բերձորի միջանցքին հետ աղերս ունեցող հարցեր։
 
բ) Սերոբ Օհանեան, Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն, ընկերակցութեամբ Ժանին Դանիէլեանին։ Անոնք Հայրապետին լայն զեկոյց տուին հաստատութեան գործունէութեան շուրջ եւ, յանուն հաստատութեան, Նորին Սրբութեան փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:
 
գ) Կաթողիկոսարանի պաշտօնէութիւն։ Պաշտօնէութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ քաջառողջութեան ու արեւշատութեան մաղթանքներ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր հայրական հոգածութեան համար։