ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
«Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, մարդուժի պատրաստութիւնը, արժէքներու վերաշեշտումը, Սփիւռքի վերակազմակերպումը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւնը պէտք է մնան առաջնահերթութիւն» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2022-ի ժամը 09:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորս տարին…