Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

 
Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը չորսօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ժընեւ, Զուիցերիա, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի։
 
Ժընեւի մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդաբար աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու շուրջ։