3 December, 2022

Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ մեր եկեղեցւոյ առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներուն նախատօնակը, նախագահութեամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու։

 

Այս առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ լուսաւորիչ առաքեալներուն նուիրուած, նախագահութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ մասնակցութեամբ դպրեվանեցիներու։

 

Թող մեր առաջին լուսաւորիչներուն աղօթքով եւ բարեխօսութեամբ հզօրանայ ու պտղաբեր դառնայ Առաքելական Մայր Սուրբ Եկեղեցին եւ մենք բոլորս առաջնորդուինք «դէպի աղբիւրը լոյսին»։