Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ
Երեքշաբթի գիշեր, 18 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս)։ Վեհափառ Հայրապետը, ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ.ը եւ ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ.ը հանդիպում պիտի ունենան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած հարցերու գծով։