ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ երրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:

 

Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել ՇնորհոքեանԱնգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան եւ Հրաչ ՉիլինկիրեանԶուիցերիայէն` Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:

 

Նիստի բացումը կատարելով Վեհափառ Հայրապետը՝ անդրադարձաւ «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով մինչեւ օրս տարուած տարբեր խորհրդակցութիւններուն, հանդիպումներուն եւ աշխատանքներուն մասին։ Ապա, ան առանցքային երեք ուղղութիւններ նշեց Սփիւռքի հարցերու  քննութեան համար ցարդ կայացած քննարկումներուն՝ ախտաճանաչում, հակազդեցութիւն, գործընթաց։

 

Հայրապետը հաստատեց, որ տարուան յայտարարութիւնն ու կատարուած քննարկումները լայն արձագանգ գտած են մամուլին եւ տարբեր բնոյթի հրապարակումներու մէջ, այդուհանդերձ, ան կարեւոր նկատեց, որ յաւելեալ քննականութիւն եւ ինքնաքննականութիւն պէտք է հաղորդել մեր ախտաճանաչումներուն, զորս կարեւորագոյն մկենակէտ պէտք է նկատել յառաջիկայ աշխատանքներուն համար։

 

Ինքնութեան կորուստ, սահմանում, փնտռտուք, ինքնաճանաչման նոր մօտեցում։ Մեր կառոյցներու ինքնամփոփութիւն, ժամանակավրիպութեան սպառնալիք, հայկական ինքնութիւն ունեցող օտարացած հայերու թիւի աճ, Արեւմտահայերէնի նահանջի երեւոյթ, մարդուժի նուազում ու հեռացում, երիտասարդութեան լուսանքայնացում ու ինքնալուսանքայնացում, արժէքափոխութեան արագ ընթացք, ցանցային դրուածք ու հայկական աշխարհի անհամապատասխանելիութիւն, ներգաղութային եւ միջգաղութային թերի համագործակցութիւն, համասփիւռքեան մտածողութեան բացակայութիւն եւ ՍփիւռքՀայաստան կապերու հայեցակարգի չգոյութիւն։

 

Այս ախտանշումներուն դիմաց Սփիւռքը ներկայ գոյավիճակէն դուրս բերելու կարիքը զգալի է ամենուրեք։ Հակազդեցութեան ծիրէն ներս նշմարելի է երիտասարդութեան վերածումը կարեւոր խաւի, որ անյետաձգելի կը նկատէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը։ Այլապէս, աւելի  պիտի խորանայ անջրպետը երիտասարդութեան եւ սփիւռքահայ կեանքին միջեւ։

 

Նպատակը այս բոլորին զուտ տեսաբանական ուսումնասիրութիւն պատրաստել չէ։ Նպատակը տարբեր մարզերու վերականգնումի աշխատանքներուն համար ծրագիր մշակել է ու գործի անցնիլ։

 

Նախապէս արծարծուած յիշեալ կէտերը հանդիպման ընթացքին ենթարկուեցան խորքային եւ մասնագիտական քննարկումի։ Սփիւռքի գոյութեան, վերականգնման եւ զարգացման կամ ընդանրապէս նոր աշխատակարգի որդեգրման համար հնչեցին հասկացութենական նոր բանաձեւեր, նոր ձեւակերպումներ եւ նոր մեթոտներով աշխատելու մասին առաջարկներ, նկատի ունենալով Սփիւռքի համապատկերին յարափոփոխելիութիւնը։ Համասփիւռքեան-համահայկական մտածողութիւն եւ համապատասխան օրակարգեր մշակելու համար շեշտուեցաւ անհրաժեշտութիւնը միացեալ համակարգերով աշխատելու։

 

Նիստի աւարտին Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, որ «Սփիւռքի Տարի»ն չի սահմանափակուիր ընթացիկ տարիով․ ան պիտի շարունակուի եւ 2023-ը հռչակուի «Սփիւռքի Տարի Բ․ Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում Առաջադրանքով»։ Այս շրջագիծին մէջ մեր յետագայ աշխատանքներուն համար նկատի պիտի առնուին այս քննարկումներու ընդգծած ուղենիշները։

 

Նիստի մասնակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հարցերու խորքային քննարկումին համար եւ առաջարկեցին շարունակական բնոյթ տալ այս խորհրդակցութիւններուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց այս նիստի ընթացքին ի յայտ եկած խորհրդակցութիւններու որակեալ եւ փորձագիտական էութիւնը եւ ընդգծեց այս խումբով համասփիւռքեան-համահայկական օրակարգերու մշակման համար  տարբեր ձեւաչափերով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը։