Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց տարեկան այցելութիւնը տուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

 

Հանդիպման սկիզբը ուղերձ ընթերցեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ատենապետուհի Ռիթա Աստիքեան: Իր ուղերձին մէջ, յանուն Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի մեծ ընտանիքին, ան շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա, ատենապետուհին ընդգծեց, թէ անցնող տարուան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան օրհնութեամբ, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ը ընկերային ծառայութեան թափ տալով՝ իր առաքելութիւնը առաւել եւս ծաւալեցուց եւ օգտաշատ ծրագիրներով անդամներուն թիւը բազմացուց:

 

Ուղերձէն անմիջապէս ետք, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց յառաջիկայ տարեշրջանի Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ծրագիրներն ու աշխատանքները: Հայր սուրբին խօսքէն ետք, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ականներ գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին՝ կատարելով հայ թէօտար դասական երաժշտութենէն կտորներ:

 

Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի այցելութիւնը եւ ընդհանրապէս անոր գործունէութիւնը՝ շեշտեց, թէ Սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքէն ներս, երիտասարդութիւնը, մասնաւորաբար համալսարանական երիտասարդութիւնը, իր յատուկ խօսքն ու դերը պէտք է ունենայ, որովհետեւ ան իր մասնագիտութեամբ ու կազմութեամբ խթան կը հանդիսանայ հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան: Հետեւաբար, հայ երիտասարդը մնայուն ու գործօն ներկայութիւն պէտք է դառնայ հայ գաղութներուն մէջ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին բարձր գնահատելով Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի գործունէութիւնը՝ վստահեցուց, թէ Միութեան յառաջիկայ ծրագիրները պիտի վայելեն Կաթողիկոսարանի անմիջական աջակցութիւնը:

 

Հանդիպման աւարտին, երիտասարդները Ս. Աստուածածին մատրան դիմաց հաւաքուելով՝ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա յիշատակի խմբանկար մը առին Հայրապետին հետ: ՎերջապէսՀ.Ե.Հ.Ո.Մ.ական երիտասարդները, Դպրեվանքին մէջ, սիրոյ սեղանի շուրջ ունեցան իրենց ընթրիքը: