ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանին։

 

Հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց մանկապատանեկան երգչախումբին անցնող տարուան գործունէութեան մասին եւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները։ Ան յայտնեց, որ երգչախումբը պիտի սորվի հայրենասիրական ու ազգագրական երգեր, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով մանուկներն ու պատանիները հանրութեան ներկայանան ելոյթով մը։

 

Լսելէ ետք հայր սուրբին ու վարչութեան անդամներուն ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին, Նորին Ս. Օծութիւնը գնահատեց բոլոր պատասխանատուները՝ ի տես եկեղեցասէր ու հայրենասէր գործունէութեան, որ կը միտի մեր ազգի նոր սերունդին կրօնական ու ազգային դաստիարակութեան։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի բոլոր կամաւոր պատասխանատուներուն, որոնք ամէն շաբաթ, սիրայօժար կերպով, իրենց ընտանեկան պարտաւորութիւններուն առընթեր, կու գան Մայրավանք եւ կը լծուին ազգաշէն ու եկեղեցաշէն առաքելութեան։

 

Աւարտին, Հայոց Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու հայրական սէրը փոխանցեց երգչախումբի վարչութեան ու մանուկներուն եւ նորանոր նուաճումներով լեցուն տարեշրջան մը մաղթեց անոնց։