Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի հայութեան եւ այժմու կացութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Ազունիէյի Ազգային Բուժարանին հետ առնչուած հարցեր:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ տասնամեակներու վրայ տարածուած գործակցութիւնը, թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ թեմերու մակարդակի վրայ: