Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստը, ինչպէս նաեւ իր աշխարհատարած շրջաններու վարչութիւններու միատեղ հանդիպումը:

 

Այս առիթով, այսօր՝ Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նահատակներու եւ ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու խորհրդաժողովի մասնակից բոլոր անդամները Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու նշխարները պարունակող Սրբոց Նահատակաց մատուռ՝ մատուցելու իրենց յարգանքի տուրքը սրբացեալ նահատակներուն: Ապա, Միութեան շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգերը, ինչպէս նաեւ «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկիա» մաղթերգերը: Յիշեալ ամփոփ յայտագրէն անմիջապէս ետք, Միութեան պատասխանատուները եւ խորհրդաժողովի մասնակիցները բարձրացան Վեհարան՝ ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու հայրական յորդորները:

 

Հանդիպման ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան Նորին Ս. Օծութեան յանձնեց Միութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը, որուն վրայ քանդակուած էր Հայրապետին հետեւեալ խօսքը. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական իմաստով մարմնամարզական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն է՝ իր էութեամբ ու նպատակով»:

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Միութեան անդամներուն ներկայութիւնը՝ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր համահայկական առաքելութեամբ ոչ միայն հոգեւոր տունը դարձած է ողջ հայութեան, այլ նաեւ ազգային տունը՝ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, առանց խտրութեան: «Անթիլիասին խօսքը իր գո՛րծն է: Այս յանձնառութեամբ իր առաքելութիւնը կը կատարէ Հայրապետական այս Ս. Աթոռը: Անոր առաքելութիւնը միայն կրօնական պարունակի մէջ պէտք չէ դիտել, այլ՝ համաժողովրդային ու համահայկական: Այս առաքելութեան մշակներն են, հայ հոգեւորականին կողքին, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալող մեր միութիւնները ու կազմակերպութիւնները, որոնցմէ մէկն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը», յայտնեց Հայրապետը: Լուսարձակի տակ բերելով Միութեան կարեւոր դերը հայ կեանքէն ներս՝ ան շեշտեց, թէ հայրենիքին ու ազգին գերագոյն իտէալներուն իրականացման նկատմամբ մեր ունեցած հաւաքական առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը: «Անիկա սոսկ մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ անդին, մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային ու պահանջատիրական արժէքները իր մէջ բովանդակող Միութիւն մը եղած է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Հանդիպումէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցները բարձրացան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք: Անոնք Դպրեվանքի տեսչութեան առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ու վերածնունդի յուշարձան, զետեղեցին ծաղկեպսակ եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած բոլոր նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար: