Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր լրիւ կազմով: Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները ներկայացնող Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն հետ՝ ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական օժանդակութեան եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:

 

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան խօսք առնելով` ներկայացուց Հ.Օ.Մ.ի տարած ծառայական գործունէութիւնը, համահայկական տարողութեամբ, եւ անոր յառաջիկայ առաջնահերթութիւնները: Նորին Ս. Օծութիւնը ջերմօրէն ողջունելով Հ.Օ.Մ.ի կատարած օժանդակութիւնները եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու անոր նուիրումը՝ յատկապէս անդրադարձաւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ընկերատնտեսական դժուարութիւններու ընթացքին Միութեան կատարած նիւթական աջակցութիւնը: Խօսելով Սփիւռքի վերակազմակերպման մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ բնականաբար առանց նուազեցնելու Արցախին ու Հայաստանին ուղղութեամբ կատարուող օժանդակութիւնները, անհրաժեշտ է յատուկ շեշտ դնել Սփիւռքի գաղութներու կարիքներու օժանդակութեան: Ան յիշեց, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութիւնը տակաւին կարիքը ունին նիւթական աջակցութեան, նկատի ունենալով տիրող տնտեսական տագնապը: Հետեւաբար, հրամայական է Հ.Օ.Մ.ի զօրակցութիւնը յիշեալ երկու գաղութներուն, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Ապա Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յաջորդաբար այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք, Դպրեվանք, ինչպէս նաեւ «Թռչնոց Բոյն»: