ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս արժանընտիր Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։

 

Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Ս. Օծութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, լոյսը բաշխեց հաւատացեալներուն, որպէսզի Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը եւ Քրիստոս-Լոյսը տանին իրենց տուները՝ Անորմով օրհնուելու ու ստանալու իրենց հոգիին եւ մտքին պայծառութիւնը։

 

Ապա, Հայրապետական թափօրը «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։ Հայրապետը, օրհնելով կեանքի խորհրդանիշ ջուրը, հացն ու աղը, նաեւ օրհնեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը եւ աւետեց Քրիստոսի Ս. Ծնունդը։

 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ խօսք արտասանեց եւ Արցախի հայութեան համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած։ Նորին Ս. Օծութիւնը կոչ ուղղեց, որ «Աստուածայայտնութեան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բոլորս միասնաբար աղօթենք, որ Աստուած Իր երկնային բարիքներով լեցնէ Արցախի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, որոնք 22 օրերէ ի վեր տագնապի մէջ կ՚ապրին։ Թող Աստուած խաղաղութիւն ու արդարութիւն պարգեւէ արցախահայութեան։ Մենք ալ, մեր կարգին, ժողովուրդ հայոց, աղօթե՛նք Արացխի մեր ժողովուրդին համար եւ միաժամանակ մեր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնենք՝ նոյն եւ մէկ ազգի պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ։ Արցախի մեր հայրենակիցները թող իմանան, թէ ողջ Սփիւռքը, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր թեմերով, կառոյցներով, Միաբանութեամբ իր կողքին է, արդարութեա՛ն կողքին է։ Թող Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի յայտնութեամբ ու ծնունդով բացուող նոր տարին, մեր ժողովուրդի կեանքին բերէ լոյս եւ յոյս. թող զօրացնէ մեր ազգին հաւատքը եւ պարգեւէ արդարութիւն ու խաղաղութիւն՝ թէ՛ մեր ազգին եւ թէ ողջ մարդկութեան»։

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

 

ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։

 

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։