Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդակերտման հնոց Դպրեվանքը, պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկեց իր 2022-2023 կրթական—ուսումնական տարեշրջանը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ։
Նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը նշելով կը յիշատակենք նուիրեալ մեր հայրերը, որոնց շնորհիւ ներկայիս մենք կ՚ապրինք մեր ազգային ինքնութեամբ։ Անոնց յիշատակը յարգելով եւ անոնց սուրբ գործը վեր առնելով, մենք նաեւ առիթ կ՚ունենանք դառնալու մէկական թարգմանիչներ Աստուծոյ խօսքին եւ կամքին, որովհետեւ այսօր չենք տօնախմբեր սոսկ հայ գիրերու գիւտը, այլեւ՝ Աստուծոյ խօսքին հայ տառերով մարմնացումը ու Քրիստոսի հայոց լեզուով ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Թարգմանչաց տօնակատարութեան առթիւ կատարելով նաեւ Դպրեվանքի կրթական—ուսումնական տարեշրջանի բացումը, աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի Իր օրհնութիւնները անպակաս ընէ Դպրեվանքին վրայէն, որուն հնոցին մէջ կը պատրաստուին մեր ազգին ծառայող հոգեւորականներ ու ազգային գործիչներ։
Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 2022-2023 ուսումնական—կրթական տարեշրջանին։ Դպրեվանքի սաները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին ներկաներուն՝ սրահին մէջ արձագանգելով «Նմանեալ Մովսէսի» շարականը, «Ով մեծասքանչդու լեզու» եւ «Մենք սաներն ենք Դպրեվանքի» երգերը, ինչպէս նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» քերթուածը եւ աւետարանական հատուած մը։ Ապա, տեսուչ հայր սուրբը ընթերցեց տեսչական ուղերձը։ Ան ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Լիբանան հաստատուելէն ետք մեր հոգեւորական հայրերը չէին կորսնցուցած Դպրեվանք հիմնելու գիտակցութիւնը՝ քաջաբար դիմագրաւելով յետցեղասպանութեան եւ տարագրութեան բոլոր մարտահրաւէրները։ Առանց Դպրեվանքի կարելի չէր պատկերացնել մեր ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարը, որուն հրամայականին առջեւ կը գտնուինք այսօ՛ր եւս։ Ան շեշտեց, որ Դպրեվանքը ո՛չ միայն գիտութիւն մատակարարեց, այլ նաեւ՝ շունչ եւ ոգի, որովհետեւ գիտելիքն ու ուսումը առանձնաբար երաշխիք չեն Սփիւռքի գաղութներէն ներս եկեղեցական ու ազգային դիմագիծի ու ինքնութեան պահպանումին եւ ոգեղէն ու հոգեւոր կազմաւորումն է, որ կ՚ապրեցնէ ու կ՚իմաստաւորէ Դպրեվանքէն ներս հայ երիտասարդին ամբարած գիտութիւնը:
Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը նաեւ դիտել տուաւ, որ ներկայ տագնապները ժխտական կերպով կ՚ազդեն եկեղեցւոյ եւ ազգին նուիրուելու ու ծառայելու պատասխանատուութեան գիտակցութեան։ Եկեղեցին կը գիտակցի, որ մեր ժողովուրդի զաւակները մեծ սպասումներով կը նային Դպրեվանքին. «այս արդար սպասումներուն դիմաց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը, ո՛չ միայն պարզապէս կը տրոփէ Պիքֆայայի բարձրունքին վրայ, այլեւ ազգին ցաւերով եւ տագնապներով կը շնչէ ամէն օր։ Դպրեվանեցին, իր ամբողջ էութեամբ, եկեղեցւոյ ծառայելու ձգտումով տոգորուած, Քրիստոսի խօսքը տարածելու եւ եկեղեցւոյ պայծառութիւնը ապահովելու տեսիլքով գօտեպնդուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդն ու արժէքները մարմնաւորելու ու զանոնք պահպանելու վճռակամութեամբ կ՚առաջնորդուի»։ Ուղերձի աւարտին, հայր սուրբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Դպրեվանքին հանդէպ անոր ունեցած սիրոյն ու բծախնդրութեան համար, որ կը մղէ տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը նո՛յն գուրգուրանքով եւ նախանձախնդրութեամբ մօտենալու Դպրեվանքի առաքելութեան եւ սաներուն դաստիարակութեան։
Հուսկ, Հայրապետը ուղղեց իր պատգամը։ Առաջին հերթին ան ընդգծեց, որ Թարգմանչաց տօնը ազգային ու եկեղեցական տօն ըլլալու կողքին նաեւ մշակոյթի եւ կրթութեան տօն է, որովհետեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցի—մշակոյթ—կրթութիւն—հայրենիք դարձած են մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն՝ հիմնական նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդին ինքնութեան պահպանումը։ Այս տեսլականով ու առաքելութեամբ Թարգմանչաց սերունդը Ե. դարուն կատարեց հայ գիրերու գիւտը, որուն շնորհիւ ծաղկեցուց դպրութիւնը, ամրացուց հայու ինքնութեան արմատները, քաջ գիտնալով, որ ազգ մը կը գոյատեւէ ու կը հզօրանայ իր ինքնութեամբ։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին գտնուած է ամէն բան կորսնցելու վտանգին դէմ յանդիման, սակայն բնաւ չէ կորսնցուցած իր ինքնագիտակցութիւնը, ինքնահասկացողութիւնը եւ հայու ինքնութիւնը։ Ե. դարուն Թարգմանչաց սերունդը հիմքը դրաւ հայ դպրոցին, ո՛չ սովորական հասկացողութեամբ շէնք մը շինելով, այլ Ա.Բ.Գ., գիր, մշակոյթ ստեղծելով։ Ե. դարուն հայացաւ առաջին իսկ դարէն Հայաստան մուտք գործած եւ աւելի ուշ պաշտօնական բնոյթ ստացած քրիստոնէական հաւատքը։ Ե. դարը՝ Ոսկեդարը քրիստոնէական հաւատքին հայացման դարն է։ Այո, քրիստոնէական հաւատքը հայացաւ ու հայութիւնը, հայու ինքնութիւնը, արժէքները քրիստոնէական նկարագիր ստացան, յայտնեց Հայրապետը։
Խօսելով հայ դպրոցին մասին՝ Նորին Ս. Օծութիւնը վերաշեշտեց անոր ջամբած կրթութեան արժէքն ու անհրաժեշտութիւնը հայ աշակերտին եւ, բնականաբար, հայկական գաղութներու կազմաւորման մէջ։ Ան դարձեալ նշեց, որ օտար վարժարանի մը տածած ուսումնագիտական կրթութիւնը կը ջամբուի նաե՛ւ հայկական վարժարաններու մէջ՝ աւելնալով հայաշունչ կրթութիւնը, որուն կարիքը ունինք գոյատեւելու համար իբրեւ հայ ու հայութիւն։
Ինչ կը վերաբերի մեր հայրապետներուն բնորոշումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բաբախող սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքին, Հայրապետը առանձնացուց անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը հայ դպրոցին առընթեր։ Եթէ հայ դպրոցը իր շեշտը կը դնէ հայակերտման վրայ, ապա Դպրեվանքը իր շեշտը կը դնէ հայու կազմաւորման վրայ։ Հայակերտում եւ կազմաւորում մէ՛կ ամբողջութիւն են եւ Դպրեվանքին կազմաւորումը էապէս եղած է եւ կը մնայ հոգեմտաւոր կազմաւորում։ Հոն կը պատրաստուին ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրումը ամէնօրեայ ակունք դարձնող անհատներ, որոնց կեանքին կեդրոնը չեն կազմեր իրենց անձերը, այլ՝ ուրիշը, հաւաքականութիւնը, այլ խօսքով հոն կը կազմաւորուին ծառայութեան իմաստին գիտակից եկեղեցական ու ազգային մշակներ։ Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը բարի վերամուտ մաղթեց Դպրեվանքին եւ հայցեց Ամենակալին օրհնութիւնը՝ յաջողութեամբ տանելու սրբազան առաքելութիւնը։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Դպրեվանքին քայլերգով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով։