Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի ուսանողներուն հետ։
Գնահատելէ ետք ուսանողներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայագիտական ուսմանց կարեւորութեան եւ խօսեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներուն վրայ պատրաստուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան մասին։ Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ են Կանոնագրութեան իւրայատկութիւնները եւ ի՛նչ ձեւով կը գործէ Կաթողիկոսութեան վարչակազմակերպչական դրութիւնը ու գործընթացքը։ Ապա, Հայրապետը պարզեց թեմերու վարչական ու կազմակերպչական կառոյցը եւ Կաթողիկոսարան-թեմ յարաբերութիւնը։
Իր խօսքին մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը կարեւորեց ժողովուրդին գործօն մասնակցութիւնը Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն կառավարման ու առաքելութեան ծիրին մէջ՝ վեր առնելով մեր Ս. Աթոռին առնչուած վերոյիշեալ իւրայատկութիւնները։ Հուսկ, Հայրապետը պատասխանեց ուսանողներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնը ունի 27 ուսանողներ։ Յաճախակի առիթներով ուսանողները ունկնդիր կ՚ըլլան Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներէ այցելու դասախօսներու։
Այժմ հայագիտական կեդրոնի տնօրէնն է Ահարոն Շխրտըմեանը. իսկ կեդրոնի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Շահան Գանտահարեան։