ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԸ

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Յանուն երգչախումբին, հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, երգչախումբի գործունէութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան ու զօրակցութեան համար։ Այս առիթով, խմբավար հայր սուրբը Նորին Ս. Օծութեան պարզեց երգչախումբին յառաջիկայ ծրագիրները եւ այս ծիրէն ներս ընդգծեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակին նուիրուած յատուկ համերգը, որ պիտի կայանայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հայր սուրբը նաեւ յիշեց, որ յառաջիկայ տարի երգչախումբին հաստատման 50 ամեակն է եւ պարզեց այս առիթով կատարուելիք կարգ մը նախաձեռնութիւններ։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց խմբավար հայր սուրբին, վարչութեան, ինչպէս նաեւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք յատկապէս Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել երգչախումբի ծրագիրներու իրագործման։ Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ ընդգծեց մեր հոգեւոր ու մշակութային երաժշտական արժէքները տարածելու կոչուած երգչախումբին առաքելութեան կարեւորութիւնը։