ԶՕՐԱՇԱՐԺ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
Արցախի պաշտպանութիւնը համահայկական անյետաձգելի հրամայական է այսօր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ: Արցախի հայութիւնը ինքնորոշման իր հաւաքական կամքը բազմիցս արտայայտած է: Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ու անոր ընկերատնտեսական բարօրութեան օժանդակութիւնը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան նուիրական պարտքն է: Զօրաշարժի պէտք է ենթարկել մեր ժողովուրդի զաւակները, ի խնդիր Արցախի փրկութեան: Արդ, կոչ…